Սասնայ Ծռեր դիւցազնավէպը

4 դեկտեմբեր 2012-ին, Փարիզի մէջ, UNESCO (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization) կազմակերպութեան Միջ-կառավարական յանձնախումբի եօթներորդ նիստին, Սասնայ Ծռեր (կամ Սասունցի Դաւիթ) դիւցազնավէպը կ՚արձանագրուէր Մարդկութեան անշօշափելի մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին վրայ։ Իր այս որոշումով, UNESCO-ն կ՚ամրագրէր մեր ազգային հարստութեան սիւներէն մէկուն յաւերժացումը։

 

 

Սասնայ Ծռեր դիւցազնավէպը մեր ուսանողներուն ծանօթացնելու համար, շաբաթ 25 մարտին, Լեւոն Շանթ հայերէնագիտակ դասընթացքին դասախօսելու հրաւիրած էինք ազգային գործիչ, ուսուցիչ եւ արուեստագէտ Մհեր Գարագաշեանը։ Ան դասը սկսաւ նախ մանրամասնելով, որ դիւցազնավէպը ունի չորս մասեր՝ «Սանասար եւ Պաղտասար», «Մեծ Մհեր» կամ «Առիւծ Մհեր», «Սասունցի Դաւիթ» եւ «Փոքր Մհեր»։ Մինչեւ 1873 թուականը, դիւցազնավէպը սերունդէ սերունդ փոխանցուած է բերանացի պատումներով։ Զայն առաջին գրառողը եղած է Գարեգին Եպսկս. Սրուանձտեանցը, որ պատումին տուած է Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ վերնագիրը։

 

Գարեգին Եպսկս. Սրուանձտեանց

1889-ին, Մանուկ Աբեղեանը գրի առած է մէկ այլ տարբերակ, իսկ 1939-ին, դիւցազնավէպի 1000-ամեակի նշումին առթիւ կազմուած պետական յանձնաժողովի նախագահ Յովսէփ Օրբելին հրատարակած է դիւցազնավէպի մինչ այդ ամենէն ամբողջական տարբերակը, կազմուած 60 պատմութիւններով։

Այս նախնական ծանօթութիւնները տալէ ետք, Գարագաշեան ապա անցաւ դիւցազնավէպի չորս մասերու ներկայացման։ Ան հերթով ներկայացուց իւրաքանչիւրի գլխաւոր դէմքերն ու դէպքերը, մերթ ընդ մերթ կանգ առնելով կերպարներուն ու իրադարձութիւններուն ետին նշմարուող բանահիւսական յօր ինուածքներուն վրայ։

Մհեր Գարագաշեան

 

Գարագաշեան նշեց, որ դիւցազնավէպի չորս ճիւղերուն մէջ (անոնց «ճիւղեր» անուանումը կը յուշէ ընդհանուրին սերնդական յաջորդականութեան վրայ հիմնուած ըլլալու իրողութիւնը) կը վխտան բազմաթիւ տեղանուններ որոնց մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ չկան՝ ինչպէս օրինակ «Սանասար եւ Պաղտասար»ին մէջ յիշուած Պղնձէ քաղաքը։ Դասախօսը նաեւ յայտնեց, որ ըստ պատումներէն մէկուն, Դաւիթն ու Մսրայ Մելիքը խորթ եղբայրներ են եւ միաժամանակ հակադրուած իրարու։ Դիւցազնավէպին այս եւ նման տարրերը կը վկայեն անոր բարդ կառուցուածքին մասին։

Գարագաշեան նաեւ անդրադարձաւ Դաւիթի նկարագրային յատկանիշերուն՝ միամտութեան հասնող բարութեան ու անվախութեան, թշնամիին ճակատաբաց հարուածելու ունակութեան, ինչպէս նաեւ ֆիզիքական առաւելութիւններուն եւ զէնք ու զրահին՝ Քուռկիկ Ջալալիին ու Թուր Կէծակիին։

Դաւիթ ու հարկահաւաքները – Դաւիթ եւ Քուռկիկ Ջալալին

գործ՝ Երուանդ Քոչարի՝ (1939)

 

Գարագաշեանի ներկայացման յաջորդեց դիւցազնավէպի ամենէն յատկանշական հատուածներու մէջբերումը եւ սահիկներով Սասնայ Ծռեր-ուն գեղարուեստական նկարազարդումներու ներկայացումը։ Ուսանողները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան դասախօսին բացատրութիւններուն եւ անոր տուին շարք մը հարցումներ, որոնցմով ամբողջացաւ այս նիւթի դասաւանդութիւնը։